05
Jun

ՀՀ Նախագահը Ընդունեց Քալիֆորնիոյ Մանուկեան- Տէմիրճեան Դպրոցի Աշակերտները

 

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան, Յունիս 4-ին, ընդունած է ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգին մէջ գործող ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան աւագ դպրոցի աշակերտները:

Դպրոցին ծանօթ նախագահը ըսած է, որ հանդիպումը պիտի կրէ ճանաչողական բնոյթ: «Շատ ուրախ եմ, որ Հայաստան կը գտնուիք: Պիտի ուզէի լսել, թէ ինչ սպասելիքներ ունիք ինձմէ»:

Հանդիպման ներկայ մօտ 70 աշակերտները, որոնք երկու շաբաթ է Հայաստան կը գտնուին, պատմած են նախագահին իրենց տեսածին մասին, կիսած են Հայաստանէն ստացած տպաւորութիւնները:

Անդրադառնալով նախագահի հարցին, թէ Հայաստանը փոխուած է, կամ՝ ոչ, աշակերտներէն մէկը պատասխանած է, որ պիտի ուզէր Հայաստանը համաչափ զարգացած տեսնել: Բոլորն ալ ունեցած են նոյն կարծիքը, թէ Հայաստանը դէպի լաւը փոխուած է:

Աշակերտներէն մէկը՝ նախագահի հետ կիսած է իր մտահոգութիւնը: «Մուրացան» զինուորական հիւանդանոց այցէն ետք իրեն մտահոգած է, որ այնտեղ շատ տաք է զինուորներուն համար: Նախագահը խոստացած է հարցը ներկայացնել առողջապահութեան նախարարին:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան յորդորած է իր հիւրերը աշխատասէր ըլլալ, քանզի միայն բնատուր տաղանդը բաւարար չէ յաջողութեան հասնելու համար: «Ձեզմէ ամէն մէկը տաղանդաւոր է, սակայն կարեւոր է աշխատասէր ըլլալ եւ ճիշդ ոլորտ ընտրել, եւ եթէ սիրով ընենք աշխատանքը, անպայման յաջողութեան կը հասնինք»,- ըսած է Արմէն Սարգսեան:

Armenpress

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...