04
Jun
Քուէյթի Ազգային Վարժարանի Աւարտական Քննութիւններուն Պատուաբեր Արդիւնքները
Քուէյթի ազգային վարժարանը ուրախութեամբ կը ծանուցէ, որ 2017-2018 տարեշրջանի «Արամ Մանուկեան» սերունդի շրջանաւարտներու պետական քննութիւններու արդիւնքով Վարժարանի բոլոր աշակերտները յաջողած են։
24 աշակերտներէն 10 աշակերտ-աշակերտուհի ապահոված են 90% գնահատականէն վեր, վերաքննութիւն ունեցողներ չկան։
Առաջին երեք բարձրագոյն նիշերը ապահոված են.-
Նայիրի Միքայէլեան 97.09 %
Քրիստ Աբիկեան 95.86 %
Սէրլի Յարութիւնեան 94.31 %
Ի սրտէ կը շնորհաւորենք բոլոր շրջանաւարտները, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ լուսաշող ապագայ։