Յունիս 1-ին Երեխաներու Համար Նախատեսուած Ձեռնարկներ
Յունիս 1-ին՝ Երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան առիթով եւ Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակի տօնական ծրագրի ծիրէն ներս մայրաքաղաքի մէջ կ’իրականացուին բազմապիսի ձեռնարկներ երեխաներու համար:
Այս տարի ձեռնարկները կ’իրականաուին «2800-ամեայ Երեւանը՝ փոքրիկներու համար» խորագրի ներքոյ՝ հետեւեալ ժամանակացոյցով.
Ալեքսանդր Սպենդիարեանի տուն-թանգարանի
Բաց դռներու օր է բոլոր երեխաներու համար։
Ազատութեան հրապարակ
11:00-12:00՝ կաւճանկարչութիւն՝ հեքիաթի հերոսներու մասնակցութեամբ,
11:00-16:00՝ մանկական համերգային զուարճալի ծրագիր,
13:00-17:00՝ «2800-ամեայ Երեւանը երեխաներու աչքերով». Կը նկարեն Երեւանի արուեստի դպրոցներու սաները, կերպարուեստի ուսուցման բաց դաս:
Մանկական զբօսայգի
10:00-13:00՝ «Առողջ Երեւան». մայրաքաղաքի վարչական շրջաններու մանկապարտէզներու տօնահանդէս:
Երեւանի կենդանաբանական այգի
10:00-15:00՝ տօնական համերգային ծրագիր, խաղեր, մրցոյթներ:
Յաղթանակ զբօսայգի
10:00-13:00՝ 25 զուարճախաղերու անվճար սպասարկում,
11:00-19:00՝ մանկական երգի եւ պարի փառատօն,
19:00-23:00՝ երաժշտակիան շոու-ծրագիր, հրավառութիւն:
Կարապի լիճ
20:30-23:00՝ շարժապատկերի բացօթեայ ցուցադրութիւն: