Աւանդոյթին համաձայն՝ այս տարի նոյնպէս Աւետիսեան դպրոցը, երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան առիթով, կազմակերպած էր զուարճալի ձեռնարկ։ Երեխաներուն իրենց դիտարժան ելոյթով շնորհաւորական խօսք յղեցին մարմնամարզութեան խմբակի սաները։ Ապա կրթահամալիրի բակը գունաւորուեցաւ փուչիկներով, երեխաներու կաւճանկարներով, լեցուեցաւ փոքրիկներու ուրախ ճիչերով ու ծիծաղով: Անոնք աւելի խանդավառուեցան, երբ հիւր եկաւ փղիկը եւ շաքարներ բաժնեց։ Ապա երեխաները մեծ ոգեւորութեամբ երգեցին, պարեցին, փոխանցումավազքային խաղեր խաղացին։