06
Jun
Գամիշլիի Եփրատ Մանկապարտէզի Ամավերջին Հանդէսը (լուսանկարներ)
Կիրակի, 20 Մայիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Գամիշլիի Ազգ. Եփրատ մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը: Փոքրիկները նախ բեմ բարձրացան ներկայացնելով արաբերէն եւ հայերէն հայրենասիրական երգեր։ Անոնք տպաւորիչ առոգանութեամբ արտասանեցին նաեւ երգերուն համապատասխան քառեակներ։ Այնուհետեւ արաբերէն եւ հայերէն պարերով ճոխացուցին յայտագիրը՝ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծելով սրահէն ներս։ Ապա շրջանաւարտները թատերական գեղեցիկ ներկայացումով մը եզրափակեցին յայտագիրը։
Տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխումը, որուն կողքին հոգշ. հայր սուրբը պատկերազարդ գրքոյկներ նուիրեց շրջանաւարտներուն՝ գնահատանքի խօսք ղղելով անոնց։ Ան շնորհաւորեց փոքրիկներն ու իրենց ծնողները ուսման առաջին փուլի յաջող աւարտին առիթով։