06
Jun
Այնճարի «Յառաջ» Վարժարանի 6-րդ Կարգի Աշակերտները Հրաժեշտ Տուին Նախակրթարանին
Յունիս 5-ին, Այնճրա «Յառաջ- Գալուստ Կիւլպէնկեան» նախակրթարանի աշակերտներն ու ուսուցչակազմը հրաժեշտ տուին 6-րդ դասարանի աշակերտներուն: Օրուան վերջին պահերուն անոնք հաւաքուեցան նախակրթարանին կից գտնուող պարտէզը: Ուսուցիչները իւրայատուկ խաղեր պատրաստած էին աւարտականներուն համար, որոնք մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցան եւ ստեղծեցին հաճելի մթնոլորտ մը:
Անոնք նաեւ ստացան բախտաթուղթեր, որոնց վրայ արձանագրուած էին իրենց «ապագայի ասպարէզները»: Տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում, որ տրամադրուած էր 6-րդ դասարանի աշակերտներու ծնողներուն կողմէ: