07
Jun
Կայացած Է Պոլսոյ «Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս» Երգչախումբի Փոքրիկներու Համերգը
Յունիս 2-ին Գումգափուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրին մէջ երգչախումբի մանկապատանեկան խումբը, որուն խմբավարն է Հրանդ Չիզմէճեան, հանդէս եկաւ «Միասին երգենք» խորագիրը կրող համերգով, որուն ընթացքին մասնակիցները կրած են եռագոյն շապիկներ:
«Հայրենիքի հուր կարօտն ու սէրը զգալով եւ յատկապէս նոր Հայաստանի պայծառ օրերէն ոգեւորուելով` թէ՛ մենք, թէ՛ մեր պատանիները ցանկացան եռագոյն շապիկներ ընտրել եւ այս գոյներով հպարտանալով` երգել մեր երգերը»,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ երգչախումբի տնօրէններու խորհուրդի անդամ Երազ Օլկունդեմիրը:
Աւելցնենք, որ երգչախումբը հիմնադրուած է 1929 թուականին եւ 2019-ին պիտի բոլորէ 90-ամեակը: