Աշտարակի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայկական Աւանդական Խաղերու Փառատօն (լուսանկարներ, տեսանիւթեր)
Այսօր Աշտարակ քաղաքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ <<Հայկական աւանդական խաղերու փառատօն>>, որ նուիրուած էր երեխաներու պաշտպնութեան միջազգային օրուան:
Վաղ առաւօտէն փառատօնի մասնակից խումբերը եւ հիւրերը հաւաքուած էին Պերճ Պռոշեանի անուան թանգարանի դիմացի պուրակին մէջ: Իւրաքանչիւր խումբ կը ներկայացնէր Աշտարակի դպրոցներէն մին:
Փառատօնը մեկնարկեց առաւօտեան ժամը 10:00-ին ՝ Աշտարակ քաղաքի դրօշակի արարողութեամբ:
Անոր յաջորդեց աղաւնիներ թռցնելու արարողութեանը: Իւրաքանչիւր խումբէն մէկ մասնակից՝ խումբի անունով, խաղաղութեան խորհրդանիշ աղաւնի մը թռցուց: Հետաքրքրական էր այն փաստը, որ երկար ժամանակ աղաւնիները չհեռացան՝ շարունակեցին թռչիլ պուրակին շուրջ :
Փառատօնը ուղեկցուեցաւ ազգային երգ ու պարով, իսկ քանի որ խաղերու փառատօն էր զուարճալի, հետաքրքրական, հին ու հայկական խաղերը անպակաս էին՝ քարկտիկ, եօթ քար, առու թռի, չլիկ, հաւալայ, լախտաղաղ: Շատերուս ծանօթ այս խաղերուն անունները ժամանակին կը խաղային մինչ ուշ գիշեր՝ բոլոր բակերուն մէջ: Բայց այսօր անոնցմէ շատերը մոռցուած են եւ նախաձեռնութեան հիմնական նպատակներէն էր անոնց կրկին կեանք հաղորդելը:
Փառատօնի մասնակից երեխաներուն շնորհիւ հիւրերը վերյիշեցին իրենց մանկութեան անպակաս մաս կազմող ու չարաճճի խաղերը, իսկ անոնք որոնք չէին խաղցած՝ խաղացին, տեսան ու սովորեցան:
Հայկուհի Մուրատեան
ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ