12
Jun
Ստեփանակերտի Սայաթ-Նովայի Անուան Երաժշտական Քոլէճի Համերգը
Ստեփանակերտի Սայաթ-Նովայի անուան երաժշտական քոլէճին մէջ կայացած է 2017-18-ի հաշուետու համերգ, որուն ընթացքին շրջանաւարտներուն յանձնուած են վկայականներ:
Քոլէճի աշակերտները նուագած են ժողովրդական գործիքներով, ինչպէս նաեւ հանդէս եկած են երգերով: Սայաթ-Նովայի անուան երաժշտանոցը կը գործէ 1961-էն ի վեր։ Ունի դաշնակի, փողային, լարային եւ ժողովրդական գործիքներու, ինչպէս նաեւ խմբավարական, էսդրատային երաժշտարուեստի, երգեցողութեան, երաժշտական տեսութեան բաժիններ: Այս տարի քոլէճը ունեցած է 131 ուսանող, որոնց 26 շրջանաւարտ են։ Քոլէճի աշակերտները յաճախ կը մասնակցին միջազգային մրցոյթներու։