19
Jun

«Փոխենք Աշխարհը` Գունազարդելով Զայն» Խորագիրով Ցուցահանդէս «Նարեկացի» Արուեստի Միութեան Տան Մէջ

«Նարեկացի» արուեստի միութեան տան մէջ, Յունիս 18-ին, տեղի ունեցաւ «Փոխենք աշխարհը` գունազարդելով այն» խորագիրը կրող լուսանկարներու ցուցահանդէսը:

Ցուցահանդէսը «Մենք կարող ենք» մտաւոր խնդիրներ ունեցող երիտասարդներու, փոքրիկներու եւ անոնց ընտանիքներու շահերու պաշտպանութեամբ զբաղող հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութիւնն էր, որ սիրով իր յարկին տակ իրականացուց ՆԱՄ-ը:

– Մեզի համար առաջնային են հաշմանդամութիւն ունեցող ստեղծագործող փոքրիկները: Մեր դռները միշտ բաց են ձեզի համար: Դուք իւրաքանչիւրդ այս նկարներուն մէջ ներդրած էք պատմութիւններ, որոնք մեզի համար հետաքրքրական են: կ՝ուզենք միշտ ստեղծագործէք, եւ իբրեւ լուսանկարիչ ձեր ուրոյն տեղը ունենաք»,- իր խօսքին մէջ նշեց «Նարեկացի» արուեստի միութեան հիմնադիր Նարեկ Յարութիւնեան եւ ցուցահանդէսի հեղինակ լուսանկարիչներուն միութեան խորհրդանշանով կաւէ նուռեր նուիրեց:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին «Մենք կարող ենք» ՀԿ-ի ներառական խմբակի անդամներու գարնանային, գունեղ եւ գեղեցիկ լուսանկարները. խմբակի սաներուն լուսանկարչական արուեստի գաղտնիքներուն ծանօթացուցած է լուսանկարիչ, ծրագրաւորող Արկադի Քալանթարեանը:

Աւարտին՝ փոքրիկ լուսանկարիչները պատուոգրեր եւ ելեկտրական շրջանակներ նուէր ստացան իրենց կատարած աշխատանքներուն համար:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...