04
Jul
Ես կ’ուզեմ Յաւերժ Այստեղ Մնալ. Գանահատայ Վարագ Տէր Յակոբեան
Գանատահայ վեց տարեկան Վարագ Տէր Յակոբեանը, այս օրերուն ծնողներուն հետ այցի եկած է Հայաստան, երբ ան առաջին անգամ տեսաւ Արարատը` անգլերէն, սակայն հայու ոգիով ըսաւ,-« ես կ’ուզեմ յաւերժ այստեղ մնալ»։ Օրերս Վարագը կը յաճախէ «Կարմիր արեւ» ամառնային դպրոց, իր ուսուցչուհիի վկայութեամբ՝ ան արդէն հասցուցած է սիրել եւ ճանչնալ Մարտիրոս Սարեանի արուեստը եւ այդ արուեստի միջոցով նաեւ Հայաստանը։ «Վարպետի կտաւներուն նայելու ժամանակ անոր սեւուկ աչքերը կը կայծկլտան զարմանքէն. «Հապա գոյները, հապա Արարատը, շատ աղուոր գծած է…», Վարագի մասին խօսելով կ’ըսէ ուսուցչուհի Րիման աւելցնելով. մնացած երեխաներու հետ նկարելու փոխարէն, ան մեծ հետաքրքրութեամբ կը նայէր Վարպետի մասին փաստաւաւերագրական ֆիլմը։ Իսկ յետոյ ըսաւ, որ կ’ուզէ Հայաստան մնալ…