06
Jul
Վարդավառի Փառատօն Գեղարդի եւ Գառնիի Մէջ
Յուլիս 8-ին առաւօտեան ժամը 11-էն սկսեալ, պիտի մեկնարկէ Վարդավառի փառատօնը՝ Գեղարդի վանքի մէջ: Այստեղ փառատօնի հիւրերը հնարաւորութիւն կ’ունենան մասնակցելու տօնի խորհրդին՝ հոգեւորականի կողմէն ջուր ցօղելու արարողութեան:
Կէսօրին Գառնիի տաճարի յարակից հրապարակին մէջ տեղի պիտի ունենայ Վարդավառի տօնակատարութիւնը՝ հեթանոսական աւանդոյթներու մատուցմամբ:
Ծրագրի մէջ ընդգրկուած է նաեւ յատուկ Վարդավառ միջազգային փառատօնի համար պատրաստուած գաթայի եւ գինիի հիւրասիրութիւն, ազգային երգ ու պար, Վարդավառի շուրջպար եւ խաղեր: Մասնակիցները հնարաւորութիւն պիտի ունենան լուսանկարուելու հայոց դիցարանի Աստղիկ եւ Վահագն աստուածներու կերպարներու հետ: