20
Jul
Բիւրականի Մէջ Մեկնարկեց Հ․Մ․Ը․Մ․-ի 11-րդ Բանակումը․ Լուսանկարներ- Տեսանիւթ
Յուլիս 19-ին Բիւրականի մէջ մեկնարկեց «Պատուաբեր անցեալէն` յաղթական ապագայ» խորագիրով Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 11-րդ բանակումը, որուն կը մասնակցին աննախադէպ թիւով սկաուտներ:
Բանակումի բացման արարողութեան կը մասնակցէին բազմաթիւ հիւրեր։ Դրօշակի արարողութենէն ետք 10-օրեայ բանակումը համարուեցաւ բացուած։
Բանակումի ընդհանուր խմբապետուհի Թալին Օրտողլեան մասնակից 1200 սկաուտներուն կոչ ըրաւ ուխտել՝ ըլլալ արժանի ժառանգորդներ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի հիմնադիրներուն, եւ, ինչպէս բանակումի խորագիրի մէջ ըսուած է, անոնց կերտած պատուաբեր անցեալէն հաստատուն քայլերով ուղղուիլ դէպքի յաղթական ապագայ։
Պարելով կը բանանք մեր բանակումը?? #PHJ2018 #Homenetmen100 #Weare100 #HomenetmenWUSA
Posted by Homenetmen USA Western Region on Thursday, July 19, 2018