01
Aug
Հայաստանցի Աշակերտները 2 Մետալ Նուաճած են Տեղեկատւութեան Եւրոպայի Պատանեկան Ողիմպիականին
Ռուսիոյ Իննոպոլիս քաղաքին մէջ Յուլիս 26-էն Օգոստոս 1 տեղի ունեցած «Տեղեկատւոիթեան» նիւթի Եւրոպայի պատանեկան 2-րդ Ողիմպիականին Հայաստանի խումբը վերադարձաւ երկու մետալով:
«Քուանտ» վարժարանի աշակերտ Ալեքսանդր Աբէլեան նուաճեց ոսկէ, իսկ Ա․ Շահինեանի անուան ֆիզիկամաթեմատիկական յատուկ դպրոցի սան էմիլ Կոստանեան` պրոնզէ մետալ:
Ողիմպիականին մասնակցած է եւրոպական 21 երկիրներու մինչեւ 15 տարեկան 80 աշակերտ: Հայաստանին խումբը, որ ունէր երկու մասնակից, ղեկավարած է Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս Արմէն Անդրէասեանը: