29
Aug
Սեպտեմբեր 1-ին ՀՀ Նախագահի Նստավայրի Դռները Բաց Պիտի Ըլլան Երեխաներու Համար
Գիտելիքի ու դպրութեան օրուան եւ նոր ուսումնական տարուան մեկնարկին առիթով՝ Սեպտեմբեր 1-ին, ժամը 14:00-18.00, Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին դարպասները պիտի բացուին դպրոցականներու եւ անոնց ծնողներու առջեւ: ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ տրամադրութեան տակ պիտի ըլլան նախագահական նստավայրի բացօթեայ տարածքն ու յարակից այգին:
Մինչ այդ, UNICEF-ի աջակցութեամբ, Հանրապետութեան նախագահի նստավայրի առաւօտեան հիւրերը պիտի ըլլան մանկատուներու, յատուկ կարիքներ ունեցող երեխաներու խնամքի կեդրոններու սաները, նիւթապէս անապահով ընտանիքներու երեխաները: