10
Sep
Գիւմրեցի Փոքրիկ Երաժիշտները Իրենց Ծրագրով կը Զարգացնեն Զբօսաշրջութիւնը
Գիւմրեցի փոքրիկ երաժիշտները իւրաքանչիւր Շաբաթ եւ Կիրակի ելոյթներ կ’ունենան թանգարաններու բակերուն մէջ:
Առ այժմ անոնց ելոյթները տեղի կ’ունենան միայն Աւետիք Իսահակեանի եւ Մհեր Մկրտչեանի անուան թանգարաններէն ներս, սակայն անոնց նպատակն է ծրագիրը ընդլայնել եւ ներառել այլ թանգարաններ եւս։ Նախագիծը կը նպաստէ Գիւմրիի զբօսաշրջութեան զարգացման եւ հայ մշակոյթի տարածման։
Թանգարաններու տնօրէնները կը վկայեն, որ փոքրիկներու ելոյթներէն ետք այցելուներուն թիւը աւելցած է: Այցելուները Կու գան նախ փոքրիկ երաժիշտներուն կատարումները լսելու, ապա նաեւ ծանօթանալու թանգարանին: