18
Sep
Խաղավայր Վահան Գիւղի Մէջ
Սիրելի’ ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ցիներ,
Կիրակի Սեպտեմբեր 16-ին, Հայաստանի Վահան գիւղի մէջ բացուեցաւ շատ պարզ խաղահրապարակ մը, որ մեծ ուրախութիւն պարգեւեց գիւղի երեխաներուն, Վահան գիւղը Ատրպէյճանին շատ մօտ է (3 քմ), այսինքն անոնց կեանքը ամէն օր վտանգուած է եւ իրենք զրկուած էին նոյնիսկ նման պարզ խաղավայրէ, ուստի գնահատեցէք ձեր ունեցածը եւ դուք ալ ձեր հերթին փորձեցէք աջակցիլ զրկուած երեխաներուն։