10
Sep
Գամիշլիի Ազգային Վարժարանի Աշակերտներու Վերամուտը
Սեպտեմբեր 11-ին Գամիշլիի Ազգային Եփրատ վարժարանի աշակերտութիւնը խանդավառութեամբ վերսկսաւ ուսումնակրթական նոր տարեշրջանը՝ դպրոցական առաջին զանգի ղօղանջին հետ, անոնց ուրախութիւնն ու կորովը այս տարուան վերամուտին կարծես աւելի կամք եւ պայքար կը փոխանցէր։
Կամքը՝ մնալու հաւատարիմ զաւակը Սուրիական հայրենիքին եւ պայքարը՝ արժանանալու հայեցի դաստիարակութեան։
Ազգ. Եփրատ վարժարանի տնօրէնուհի օր. Լուսին Աւետիսեան բարի գալուստ մաղթեց աշակերտութեան եւ ուսուցչական կազմին՝ վերամուտի մեկնարկին առիթով, իսկ պետական քննիչը, աշակերտութեան մաղթեց բեղուն եւ արդիւնաբեր ուսումնական տարեշրջան եւ մեծապէս գնահատեց դպրոցն ու ուսուցչական կազմը։ Աշակերտները խինդով եւ կարգապահութեամբ բարձրացան դասարանները։
Ռիթա Տէր Սարգիսեան-Կարապետեան (Գամիշլի)
ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ