25
Sep

Այնճարի Մանկապարտէզի Վերամուտը

Սերտեմբեր 24-ին, Այնճարի Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան մանկապարտէզի փոքրիկները «Սուրբ Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ հաղորդութիւն ստանալէ ետք, իրենց ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն ընկերակցութեամբ, ուղղուեցան դէպի մանկապարտէզ ու հմայուեցան իրենց ուսուցիչներուն կողմէն յարդարուած ու գունազարդ դասարաններով: Ապա, համախմբուելով մանկապարտէզի սրահին մէջ, աշակերտները ունեցան հաւաքական յատուկ ձեռային աշխատանք մը: Երաժշտութեան ու պարի հաճելի մթնոլորտով, փոքրիկները տօնեցին 2018-2019 կրթական տարեշրջանի վերամուտի առաջին օրը:

Վարժարանիս վարիչ մանկապարտիզպանուհի՝ Տիկ. Լենա Սթամպուլեան, բարի գալուստ մաղթեց բոլոր փոքրիկներուն: Այնուհետեւ փոքրիկներն ու իրենց ծնողները շրջագայեցան մանկապարտէզի բոլոր բաժանմունքները եւ ծանօթացան իրենց դասարաններուն եւ դաստիարակներուն:

Օրուան հիւրասիրութիւնը տրամադրուած էր վարժարանիս կողմէն: Աշակերտներն ու ծնողները ծանօթացման յատուկ պահեր ունենալով ուսուցիչներուն հետ, գոհունակ մեկնեցան մանկապարտէզէն:

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...