25
Sep

Շարժայի Օհաննէսեան Ազգային Միօրեայ Վարժարանը Բացաւ Իր Դռները

Սեպտեմբեր 22-ին Շարժայի Օհաննէսեան Ազգային Միօրեայ Վարժարանի վերամուտի Առիթով Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան այցելեց վարժարան:

Սրբազան Հայրը շրջեցաւ դասարաններէն ներս եւ հանդիպում մը ունեցաւ տարբեր կարգի աշակերտներու հետ: Ան առաջին հերթին բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին՝ շեշտելով շաբաթօրեայ վարժարանի անհրաժեշտութիւնը եւ աշակերտութեան առանց բացակայութեան ներկայութեան կարեւորութիւնը: Սրբազան Հայրը վերի կարգի աշակերտութեան հետ զրուցեց Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնակատարութեան մասին՝ որոշ տեղեկութիւններ փոխանցելով:

Այս առիթով սրբազան հայրը իր օրհնութիւնը տուաւ տեսչութեան, հոգաբարձութեան եւ ուսուցչական կազմին, բարի եւ յաջող տարի մը մաղթելով:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...