10
Oct
Ամերիկահայ Գրոսմայսթըր Սամուէլ Սեւեան Յաղթանակ Տարաւ
ԱՄՆ-ի Ֆոլս Չերչ քաղաքի մէջ իրականացուած Washington Chess Congress-ի մրցաշարը աւարտած է 17-ամեայ ամերիկահայ գրոսմայսթըր Սամուէլ Սեւեանի յաղթանակով:
Ամերիկեան շախմատի պատմութեան մէջ ամենապատանի տարիքին (13) Գրոսմայսթըր դարձած Սամուէլ Սեւեանը 9 հնարաւորէն վաստակած է 7.5 միաւոր (6 հաղթանակ, 3 ոչ ոքի):
Սամուէլ Սեւեան ծնած է Նիւ Եորք, 1996 թուականին Հայաստանէն ԱՄՆ տեղափոխուած ընտանիքի զաւակ է: Հայրը դոկտորական կոչումով ֆիզիկոս Արմէն Սեւեանն է: Սեւեաններու ընտանիքը այժմ կ’ապրի Սանտա Կլարայի մէջ:
