30
Oct
Սուրիոյ Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան 2018-ի Քունկ-Ֆու Ուու-Շուի Վկայականաբաշխում
Հոկտեմբեր 21-ին, Սուրիոյ Հայ Սեւ Գօտիներու Ակադեմիայի կեդրոնէն ներս, տեղի ունեցաւ Քունկ Ֆու Ուու-Շուի եւ Ճումպազի վկայականաբաշխում, ներկայութեամբ միութեանս ընդհանուր տնօրէն ընկեր Աւետիս Գաթրճեանի, ուր գնահատեց մարզիկներու տարած աշխատանքը քննութեան ընթացքին, շեշտելով յարատեւ աշխատանքի կարեւորութիւնը հասնելու համար բարձրագոյն մակարդակներու:
Քունկ Ֆու Ուու-Շուի գօտիները բաժնեց միութեանս ընդհանուր մարզիչ Շի-Ֆու Ճորճ Խուրի:
Ինչպէս նաեւ Ճումպազի մակարդակի վկայականները բաժնեց մարզիչ Դալար Փաշայեան: