01
Nov
Վալանսի Մանուկներու Մշակոյթի Արուեստանոցի Ձեռնարկը Նուիրուած էր Երեւանի 2800ամեակին
Վալանսի Հայ մշակոյթի Տունը կազմակերպեց մանուկներու մշակոյթի արուեստանոցը, որ տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 22-էն մինչեւ մասնակցութեամբ՝ մօտ 30 երեխաներու:
Երեխաներուն համար նախատեսուած էր պտոյտներ, խախեր, երգեր, ձեռային աշխատանքներ եւ այլ անակընկալներ:
Այս անգամ ձեռնարկը նուիրուած էր Երեւանի 2800 ամեակին, իսկ գեղարուեստական աշխատանքներու նիւթերը նուիրուած էին Շառլ Ազնաւուրին:
Ուրբաթ Հոկտեմբեր 26-ին տեղի ունեցաւ փոքրիկ հանդէս:
Հայ մշակոյթի Տան վարչութիւնը տեղեկացուց, որ յաջորդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ կաղանդի արձակուրդին:
Այս մասին ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ը տեղեկացաւ
«Վալանսի Հայ մշակոյթի տուն» կեդրոնէն ուղարկուած հաղորդակցութենէն։