21
Nov
Լիբանանի Մէջ Ճատրակի Տարիքային Մրցոյթին Առաջին Տեղը գրաւեց Նանոր Արնէլեան
Նոյեմբեր 18-ին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ Ճատրակի միօրեայ տարիքային մրցաշար՝ մասնակցութեամբ 68 երկսեռ ճատրակ խաղացողներու, որոնցմէ չորսը հայեր էին` Նայիրի Արնէլեան, Նիքոլա Մուրատեան, Հայկ Թէնպէլեան եւ Նանոր Արնէլեան:
14 տարեկանէն վար աղջկանց դասակարգին մէջ առաջին հանդիսացաւ Նանոր Արնէլեան, իսկ տղոց 12 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ երրորդ` Հայկ Թէնպէլեան: Աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան, առաջին դիրքը գրաւողները ստացան բաժակներ եւ յիշատակի նուէրներ, մինչ երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւողները` արծաթէ եւ պրոնզէ մետալներ: