19
Dec

Համազգայինը Կը Հրապարակէ «Լալան ու Արան» Շարքի «Գիրերու Աշխարհ» Խաղը

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը երեք տարի առաջ սկսաւ մանկապատանեկան դաստիարակչական հայերէն ելեկտրոնային խաղերու  «Լալան ու Արան» շարքի պատրաստութեան եւ հրապարակման իր ծրագրին: Անոր գլխաւոր նպատակն է արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի ուսուցումը դարձնել դիւրամատչելի ու հաճելի եւ մասնաւորաբար՝ հասանելի բոլորին, առօրեայ օգտագործման ելեկտրոնային սարքերու ճամբով։

«Լալան ու Արան» շարքի «Գոյներու Աշխարհ» եւ «Ձեւերու Աշխարհ» խաղերու մեծ յաջողութենէն ետք, արդէն հրապարակուած է շարքի երրորդ խաղը «Գիրերու Աշխարհ»ը՝անվճար ներբեռնելի iOS եւ android համակարգերով բանող ելեկտրոնային գործիքներուն համար (հեռաձայն եւ թապլէթ)։

«Գիրերու Աշխարհ» խաղը հայ փոքրիկին կը ծանօթացնէ մեր այբուբենի 38 տառերը, փոքրագիր եւ գլխագիր, իւրաքանչիւր տառի համապատասխան հնչեղ ու գունազարդ խաղերով, պատկերներով եւ վարժութիւններով։

Ծաւալուն այս աշխատանքը դժուար պիտի ըլլար իրականացնել առանց Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի եւ Համազգայինի ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի Շրջանային Վարչութեան նիւթական ներդրումին. անոնց կ՛ուղղենք մեր խորին երախտագիտութիւնը։

Հայ մանուկին հոգեմտաւոր զարգացման նպաստող ու մասնաւորաբար անոր մօտ հայերէնը խաղի կենսունակ լեզու դարձնող «Լալան ու Արան» խաղերու շարքը պարբերաբար կը հարստանայ նորերով: Իսկ անոնց կերպարներով պատրաստուած հայախօս պուպրիկներուն ու գրենական պիտոյքներու տեսականին նոյնպէս հետզհետէ կը ճոխանայ։

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան 90­-ամեակի յոբելեանական տարուան աւարտին եւ տօնական օրերու նախօրեակին «Լալան ու Արան» շարքի «Գիրերու Աշխարհ» խաղը մեր նուէրն է հայ մանուկին։

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւն

Պէյրութ, 19 Դեկտեմբեր 2018

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...