Համազգայինի «Կարկաչ» եւ «Այգ» Երգչախումբերը Հանդէս Եկան Պէյրութի Երաժշտութեան 11-րդ Փառատօնին
Պէյրութի մէջ կայացաւ երաժշտութեան 11-րդ հոգեւոր երաժշտութեան փառատօնը` որուն բացումը կատարուեցաւ Դեկտեմբեր 1-ին: այթ առիթով Համազգայինի «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Լիանա Յարութիւնեանի, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնական համերգ ներկայացուց` հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի: Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական երգչախումբին անդամները անմեղ ձայներով երգեցին «Թզուկներ ենք մենք», «Գճուճն ու ճուտ»-ը, «Նոր տարին մեզի հիւր եկաւ» ու «Կաղանդ պապան եւ նուէրները» երգերը եւ արժանացան ջերմ գնահատանքի:
Ապա բեմ բարձրացաւ Համազգայինի «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբը եւ կատարեց «Թալժ – թալժ», բազմալեզու «Լուռ գիշեր», երգերը, «Բեթղեհէմ փոքրիկ քաղաք» երգին տարբեր յօրինողներու` Լիուիս Ռենտըրի, Արմենուհի Կարապետեանի եւ Ստեփան Շաքարեանի մշակումները: Այս երգերուն դաշնակի կողքին երգչախումբին ընկերացաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի սրինգի ուսուցիչներէն Կարօ Սվագճեան:
Այնուհետեւ «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբին միացաւ Համազգայինի «Այգ» երգչախումբը: Անոնք երգեհոնի ընկերակցութեամբ մեկնաբանեցին Մակար Եկմալեանի յօինումով եւ դաշնաւորումով Ս. պատարագի «Հայր մեր», «Սուրբ Աստուած», «Մարմին Տէրունական», «Քրիստոս ի մէջ», «Սուրբ, սուրբ» եւ «Քրիստոս պատարագեալ» շարականները: