11
Apr
Մեսրոպեան վարժարանը Լիբանանի ճատրակի կրկնակի ախոյեան
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները Ապրիլ 7-ին կատարեցին աննախընթաց իրագործում մը` յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով շահելով ճատրակի Լիբանանի դպրոցական ախոյեանութեան առաջնութիւնը:
Մեսրոպեանը իր ետին ձգեց լիբանանեան 80 դպրոցներ, որոնցմէ մասնակցելու եկած էին 432 աշակերտներ:
Վարժարանի հաւաքականը կը բաղկանար 11 աշակերտներէ` Ճիօ եւ Կի Գալուստ, Նանոր եւ Նայիրի Առնէլեան, Կարօ Գալֆայեան, Սեզար Խալիֆէ, Ժան Քիրէճեան, Քրիստափոր Պօշնաքեան, Մարք Կիւլկիւլեան, Արեգ Ճենանեան եւ Անդրանիկ Աստուրեան: