19
Jun
Հայ Պատանիները Խելացի Քարշակ Հնարած են
Աւագ դպրոցի ռոպոթաշինութեան խմբակի աշակերտներ՝ Մկրտիչ Յարութիւնեանը, Դաւիթ Դանիէլեանը եւ Բագրատ Խաչունցը ստեղծած են աշխարհի մէջ առաջին Խելացի քարշակը: Անիկա օդանաւակայանի մէջ ուղեւորներուն հնարաւորութիւն կու տայ վարձել եւ խուսափիլ բեռի տեղափոխման խնդիրներէն: Փոքրիկ գիւտարարներուն համար շարժառիթ եղած է մարդոց օգնելը, յետագային բնականաբար գաղափարը վերածել պիզնէս նախագիծի:
Սարքը կառավարելու երկու տարբերակ կայ. Կամ մարդուն կը հետեւի գրպանին մէջ դրուած փոքրիկ սարքի միջոցով կամ հեռաձայնով՝ պլութութին միանալով սարքը կը կառավարուի: Սարքի նախատիպը կրնայ տեղափոխել 5-7 քկ բեռ, իսկ արդէն իրական սարքը կրնայ տեղափոխել 100 քկ՝ 4-5 ճամբորդական պայուսակի տեսքով:
Խելացի քարշակը ունի նաեւ լիցքաւորուելու հնարաւորութիւն։
Նարէ Մուրատեան
ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ