12
Jul
Փաթիլ Թասլաքեան Արժանացած է Բարձր Գնահատանքի
Այնճարի «Ազգային Յառաջ- Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի աշակերտուհի՝ Փաթիլ Թասլաքեան, արժանացած է «Մհեր Ջուլհաճեան» միջ-դպրոցական շարադրական մրցանքի, միջնակարգի Ա. մրցանակին եւ այդ առիթով Լիբանանի Թեմի ազգային առաջնորդարաին կողմէ ստացած Բարձր գնահատանքի վկայագիր եւ $300 պարգեւ, որմէ $100 Փաթիլը նուիրեց իր սիրելի «ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ»-ին։
ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀԸ իր հերթին կը շնորհաւորէ Փաթիլը եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթէ անոր, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ իր հերթական նուիրատութեան համար։