25
Feb

Իսկ Դահլիճը Պահած էր Շունչը… Տիգրան Մանսուրեանի Այցը Աւետարանչականի Աւետիսեան Դպրոց

Տարիները կ՚անցնին, Աւետիսեանցիները կը մեծնան, եւ Փետրուար 21, 2020-ին Դպրոցի դահլիճը նստողներէն շատեր կ՚ըսեն.- «Ես տեսայ ու լսեցի մեր ժամանակներու ամենամեծ Հայ երաժիշտ՝ Տիգրան Մանսուրեանը»։ Կամ «Ես անձամբ հարց տուի Մայսթրոյին եւ ան պատասխանեց»։ Եւ կամ «Ես շունչս պահած լսեցի Մայսթրոյին», «Ես երբեք չեմ մոռնար…» եւ այս անմոռանալի հանդիպումին հետ կապուած շատ յուշեր կը պատմեն անոնք։

Իսկ մեծ Մայսթրոն Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան Դպրոցի յարկին տակ հիւրընկալելը, իրաւի իրադարձութիւն էր, որովհետեւ սիրուած երաժիշտը իր պատկառելի կեանքի բարձունքէն, փոքրիկ բայց անգնահատելի դաս մը տուաւ այստեղ։

Ինչի՞ մասին կը խօսէր Մայսթրոն Աւետիսեանցիներուն հետ։ Հայրենադարձ հայու հայրենաբաղձ հոգիի ամբողջ ներողամտութեամբ միայն լաւը տեսնելու, յանուն իր ինքնատիպ արուեստի Խորհրդային ժամանակներու տատասկոտ ուղիի վրայ չընկրկելու, իրական յաղթանակի ճանապարհին, նաեւ պարտուիլ իմանալու, ստեղծագործող մարդուն հոգեկան ազատութեան եւ նաեւ անկախութեան, մտաւորականի կերպարի եւ բազմաթիւ այլ նիւթերու շուրջ։

Կենդանի առասպէլ Մայսթրօ Մանսուրեան կը խօսէր։ Հարց տուողներէն աւելի շատ էին հարց տալ ցանկացողները։ Ապա ան մօտեցաւ դաշնամուրին, դանդաղ նստեցաւ եւ մատները թեթեւակի հպեցան ստեղնաշարին… «Կտոր մը Երկինք» շարժանկարի հոգեհմայ երաժշտութեան հնչիւնները նախ սփռուեցան, ապա սկսան ճախրել ինչ որ տեղ մը վեր։ Տեսակ մը «ազնուացած» էր նոյնիսկ օդը… Իսկ դահլիճը պահած էր շունչը…

Յայտագրի աւարտին, Դպրոցի Տնօրէնուհի Մելանիա Գեղամեան բուռն ծափողջուններու ներքեւ Մայսթրոյին նուիրեց Կոմիտասի մասին «Ամենայն Հայոց Երգի Վեհափառը» հրատարակութիւնը եւ Աւետիսեան Դպրոցի մասին Գիրք-Ալպոմը, որոշելով այս նորաստեղծ բարեկամութիւնը շարունակել նամակներով։

Թէեւ կը թուէր հանդիպումը աւարտած, բայց՝ ոչ. Դահլիճէն դուրս եկող հիւրը կը շարունակէր պատասխանել հարցումներու, ինքնագիր տալ եւ լուսանկարուիլ աշակերտներուն հետ։

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...