04
Apr
Ծաղկազարդի Բարեմաղթանք. Հրանոյշ Յակոբեան
Սիրելի’ երեխաներ,
Այսօր, տիեզերական աղէտի այս պայմաններուն մէջ, ամենակարեւորը ձեր առողջութիւնն է, անոր համար նախ կ’ուզեմ պահպանէք այն բոլոր կանոնները, որոնք կը նպաստեն ձեր եւ ձեր շրջապատի առողջ մնալուն, որպէսզի կարենաք վայելել ձեր առողջ ապագան։
Երեխաները շատ սիրելի են ինծի համար, դուք մեր ազգի ծաղիկն էք, անոր համար կ’ուզեմ, որ տուն մնալու առիթը ճիշդ օգտագործէք եւ լաւ սորվիք, որ ապագային կարենաք բացայայտել այն, ինչին այսօր գիտնականները հասու չեն, եւ ձեր իմացութեան շնորհիւ կանխէք համամարդկային աղէտները։ Շա՛տ կարդացէք, եղէ՛ք բանիմաց եւ մրցունակ՝ բացայայտելու այս մեծ աշխարհի անսահման գաղտնիքները, եւ օգտակար դարձէք մեր հայրենիքին ու աշխարհին։
Թող Աստուծոյ օրհնութիւնը ուղեկից ըլլայ բոլորիդ։