04
Apr
Ծաղկազարդի Բարեմաղթանք. Սիլվա Եուզպաշեան
Սիրելի՛ մանուկներ, Ծաղկազարդի, մանուկներու օրհնութեան տօնին առիթով՝ կը մաղթեմ, որ ձեր կանչը հասնի առ Աստուած…
Թող ձեր փափլիկ թաթիկներով՝ Տիրոջն ընծայուած ձիթենիի, ուռենիի ճիւղերը, Տէրը բալասան դարձնէ ու բժշկէ՝ ցաւէն տնքացող մեր հիւանդ մոլորակը։