04
Apr
Ծաղկազարդի Մաղթանք. Գրող Արփի Վանեան
Շա’տ սիրելի երեխաներ,
Ծաղկազարդի, մանուկներու օրհնութեան այս գեղեցիկ տօնին առիթով կը մաղթեմ, որ բոլորդ առողջ եւ ուժեղ ըլլաք, եւ կը խնդրեմ՝ յաճախակ ժպտացէք, որովհետեւ ձեր ժպիտն է, որ կը լուսաւորէ այս մոլորակը, ձեր ժպիտն է, որ մարդոց սրտերը ջերմութեամբ կը լեցնէ:
Սիրեցէք ձեր Հայրենիքը, ձեր ընտանիքի անդամները, ձեզ շրջապատող մարդիկ, այս աշխարհը, սիրեցէք նաեւ ձեզ, որովհետեւ ձեր ներսի աշխարհէն կը սկսի այն երկար ճանապարհը, ուրկէ պիտի անցնիք:
Թող Օրհնուած ըլլայ ձեր կեանքի ողջ ճանապարհը: