04
Apr
Ծաղկազարդի Մաղթանք. Ժասմին Հայրապետեան
Այս գեղեցիկ տօնի առիթով կը շնորհաւորեմ բոլոր երեխաները։
Ցանկութիւնս է, որ մենք՝ երեխաներս, ինչքան հնարաւոր է շուտ հասկնանք, որ այս մոլորակի ապագան մեր ձեռքերուն մէջ է, ուստի ամրացնենք մեր ձեռքերը, մեր հոգին եւ մեր կամքը:
Կը ցանկամ, որ հասակակիցներս մեծնան անվտանգ աշխարհի մէջ, շրջապատուած ըլլան բարութեամբ ու հարազատ մարդոց ժպիտներով:
Եկէք երբեք չմոռնանք, որ մենք ուժեղ ենք, երբ ունինք գիտելիքներ, բազմակողմանի հետաքրքրութիւններ, հաւատք եւ անսահման սէր մեր հայրենիքի նկատմամբ:
Ժասմին Հայրապետեան
13 տարեկան
«Հրաշագործ Նռանէ» վիպակի հեղինակ