05
Apr
Ծաղկազարդի Բարեմաղթանք. Երգչուհի Յասմիկ Կարապետեան
Սիրելի’ երեխաներ,
Դուք մեր կեանքի իմաստն էք, մեր շարժիչ ուժը. դուք ձեր ծնողներուն ուժ կու տաք ապրելու, համբերելու եւ չյոգնելու։
Դուք Աստուծոյ տուած պարգեւն էք։ Կը մաղթեմ, որ այս դժուարին օրերը շուտ անցնին, եւ դուք ապրիք խաղաղ մոլորակի մէջ, կապոյտ երկնքի տակ։
Կը մաղթեմ՝ զարգանաք այնքան, որ աշխարհի մէջ կատարուող բացասական երեւոյթները չկրկնուին եւ չխանգարեն ձեզ դառնալու ոսկէ սերունդ եւ կերտելու ձեր ապագան՝ այս լուսաւոր մոլորակին մէջ։ Շնորհաւոր բոլորիդ Ծաղկազարդը եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը թող ուղեկցի բոլորիդ։