07
Apr

Հէքիաթային Հանդիպում. Նունէ Սարգսեան

Սիրելի’ ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ցիներ,

Յատուկ Ձեզի համար կազմակերպեցինք՝ հէքիաթային հանդիպում մը, մանկագիր Տիկին Նունէ Սարգսեանի հետ։

Տիկին Նունէ Սարգսեան մեծերուն ծանօթ է իբրեւ ՀՀ Նախագահի Տիկին, սակայն երեխաները ծանօթ են անոր գրած հէքիաթներուն, ինչպէս «Թզուկ-Մզուկը», «ճաղատ ոզնին», «Վիշապ Նեսին» «Կախարդական կոճակը» եւ այլ հէքիաթներ, զորս գրած է հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն լեզուներով։

Նունէ Սարգսեանի 20-է աւելի գիրքերու մէկ մասը փոխադրուած են նաեւ արեւմտահայերէն եւ հայերէն բարբառներու։

Վստահ ենք, որ ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի այս անակնկալը ուրախութեան եւ գոհունակութեան ժպիտներ պիտի դրոշմէ ձեր անուշիկ դէմքերուն։

Վայելեցէք տեսանիւթը եւ ուշադիր հետեւեցէք Տիկին Նունէի խորհուրդներուն։

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...