26
May

Պէտք է Թոյլ Չտալ, որ Այս Գեղեցիկ Լեզուն՝ Արեւմտահայերէնը Կորսնցնէ Իր Ուժը. Նունէ Սարգսեան

Հանրապետութեան նախագահի Տիկին Նունէ Սարգսեան հեռավար զրոյց ունեցաւ Քուէյթի հայկական ազգային վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ:

Այս տարեսկիզբին Տիկին Սարգսեան Քուէյթ կատարած այցին ծիրէն ներս հիւրընկալուած էր վարժարան, որ հիմնուած է 1960 թուականին եւ մեծ ներդրում ունեցած է Սփիւռքի մէջ սերունդներու դաստիարակութեան եւ համալսարանական ուսման պատրաստութեան գործին մէջ: Կրթօճախը Պարսից Ծոցի եւ արաբական երկիրներու միակ ամենօրեայ հայկական վարժարանն է:

Հանրապետութեան նախագահին տիկինը իր ողջոյնները փոխանցելով ուսուցիչներուն՝ յիշեց, որ շատ լաւ տպաւորութիւններ ստացած է վարժարան այցէն՝ ընդգծելով, որ վարժարանի ուսուցչական կազմին նուիրուածութիւնը իրենց գործին արժանի է գնահատանքի:

«Հայկաշխարհ» մանկապատանեկան արեւմտահայերէն կայքի խմբագրակազմին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած առցանց հանդիպումին ընթացքին, Տիկին Նունէ Սարգսեան վարժարանի ուսուցիչներուն հետ զրուցեց հեռավար ուսուցման առաւելութիւններուն եւ դժուարութիւններուն, Հայաստանէն դուրս արեւմտահայերէնի պահպանման ու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ՝ մեկուսացման պայմաններու մէջ երեխաներու գործուն կեանքի ապահովման հարցերուն մասին:

Անդրադառնալով հեռավար ուսուցման առաւելութիւններուն եւ թերութիւններուն՝ Տիկին Սարգսեան նշեց. «Լաւ կողմերը հետեւեալն են՝ ծնողները ստիպուած չեն աշակերտները մեքենայով տաք եղանակին տանիլ դպրոց եւ բերել: Կը նշանակէ՝ աւելի քիչ մեքենաներ կը յատնուին փողոց, որ լաւ է նաեւ բնութեան համար: Երկրորդ, անիկա աւելի գործնական է. ուսուցիչը աւելի կազմակերպուած ձեւով տեղեկութիւնը կը փոխանցէ աշակերտին, կրնայ նստիլ տունը իր սեղանին մօտ, ինչպէս հիմա ես եմ, եւ կարդալ իր դասախօսութիւնը: Վատ կողմը այն է, որ աշակերտները կը զրկուին ընկերային շփումներէ, չկան միջուսանողական զրոյցներ, յարաբերութիւններ, եւ անհատ մարդը կ’առանձնանայ: Ասիկա է, որ դպրոցները եւ վարժարանները պէտք է թոյլ չտան»: Անոր խօսքով՝ հեռավար ուսուցումը կարելի է շարունակել, բայց անոր հետ մէկտեղ պէտք է ապահովել նաեւ աշակերտներու ընկերային շփումը՝ ըլլայ անիկա մարզական մրցում, համերգ, բակային խաղ, մարաթոն:

Տիկին Սարգսեան առաջարկեց նաեւ՝ օգատագործելով նոր գիտարուեստն ու հնարաւորութիւնները՝ կապ ապահովել վարժարանի սաներու եւ Հայաստանի անոնց հասակակիցներու միջեւ՝ հնարաւորութիւն տալով անոնց այս մեկուսացման ընթացքին նոր ընկերներ ձեռք բերելու հայրենիքէն ներս:

Վարժարանի ուսուցիչները անդրադարձան նաեւ հեռավար ուսուցման համար արեւմտահայերէնով ուսումնական նիւթերու պակասի խնդրին: Ի պատասխան այս դիտարկումներուն՝ Տիկին Սարգսեան նշեց, որ շատ կարեւոր կը համարէ արեւմտահայերէնի պահպանումը եւ ամրապնդումը Հայաստանէն դուրս: «Պէտք է թոյլ չտալ, որ այս գեղեցիկ լեզուն կորսնցնէ իր ուժը, ուստի պէտք է տպագրուին գիրքեր, իրականացուին մրցոյթներ, ասմունքի երեկոներ»,- ըսաւ Տիկին Սարգսեան: Այս առումով ան առաջարկեց «Հայկաշխարհ» կայքի հիմնադիր, խմբագիր Նայիրի Մկրտիչեանի հետ համագործակցաբար արեւմտահայերէն բանաստեղծութիւններու նախագահական մրցոյթ կազմակերպել երեք խումբերու՝ տարրական, միջին եւ աւագ դասարաններու աշակերտներու համար, եւ արդիւնքները ամփոփել Սեպտեմբեր 21-ին՝ Հայաստանի անկախութեան օրը եւ մրցանակներ յանձնել յաղթողներուն:

Ամփոփելով զրոյցը՝ Տիկին Սարգսեան յորդորեց չյուսահատիլ. «Ուժեղ եղէք, ամուր եղէք, պահեցէք եւ սիրեցէք ձեր ընտանիքները, որը շատ կարեւոր է»:

 

 

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...