01
Jun

«Ամբողջագէտ» 6-ամեայ Միքայէլ Յակոբեան կը զարմացնէ իր գիտելիքներով

«Շանթ»ի «Մեծ փոքրիկներ» նախագիծի ամենատպաւորիչ մասնակիցներէն մէկը՝ Միքայէլ Յակոբեան, 6 տարեկանին ունի այնքան գիտելիք, որ շատերը չեն հասցներ սորվիլ դպրոցական 12 տարիներուն ընթացքին:

Միքայէլը կը յաճախէ Շախմատի կաճար, իսկ Սեպտեմբերին պիտի դառնայ նաեւ դպրոցական:

Այսօր՝ Երեխաներու պաշտպանութեան միջագային օրուան առիթով, NEWS.am STYLE-ը զրուցած է փոքրիկ գիտունիկին հետ` կատարելով նոր բացայայտումներ:

Շահեկան հարցազրոյցը արեւմտահայերէն տարբերակով կը ներկայացնենք մեր ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ցիներուն

Հ-Միքայէլ, ո՞րն է Հայաստանի մէջ ամենասիրածդ վայրը:

ՊԶօրաց քարեր (Քարահունջ), Սատանի կամուրջ, Տաթեւի վանք… Բայց դեռ շատ տեղեր կան, որ չեմ այցելած… օրինակ՝ Արցախ:

ՀԵթէ ըլլայիր հեքիաթի, շարժանկարի, ֆիլմի՝ որեւէ պատմութեան հերոս, ով կ’ըլլայիր:

Պ Կը սիրեմ Ռոպերթ Սահակեանցի բոլոր շարժանկարները… Բայց շատ կը սիրեմ Քիմիագիտութիւն, ու կ’ուզէի նման ըլլալ Ռոպոթ Բիւիպին… (Պիվիբին)

ՀԱմենասիրելի պատմութիւնը քեզի համար ո՞րն է…

«Սասունցի Դաւիթ»… Կը սիրեմ Սասունցի Դաւիթի կռիւը Մսրայ Մելիքի դէմ: Կը սիրեմ, երբ Սասունցի Դաւիթը չ’անցնիր Մսրայ Մելիքի թուրի տակէն…։

Հ-Ինչի՞ մասին ամենաշատը կուզես սորվիլ:

ՊՔիմիագիտութիւն, բնագիտութիւն, երկրաչափութիւն, ուսողութիւն, աստղագիտութիւն: Եւ շատ կը սիրեմ կարդալ գիտական գիրքեր, հանրագիտարաններ…

Հ-Ինչի՞ մասին կ’երազես:

Պ-Կ’ուզեմ տիեզերք երթալ ու տեսնել մօտէն…

Հ՞ր յայտնի մարդուն կ’ուզէիր հանդիպիլ:

Պ-Ալպերթ Այնշթայնին…

Հ՞նչ կը հարցնէիր անոր:

Պ-Կը հարցնէի զանգուածի ուժանիւթի համարժէքութեան բանաձեւին մասին (E=mc2):

Հ-Ամենաշատը ի՞նչը կ’ուրախացնէ քեզ:

Պ-Երբ կ’այցելեմ տարբեր թանգարաններ, մատենադարան, գրատպութեան թանգարան, պատկերասրահներ եւ Հայաստանի տեսարժան վայրերը:

Հ-Ինչէ՞ն կը տխրիս:

Պ-Այս պահուն, որ տունը մեկուսացած ենք, եւ ես չեմ կրնար երթալ ուզածս վայրերը:

Հ-Ամենասիրածդ երկիրը:

Պ-Եգիպտոս, որ տեսնեմ բուրգերը եւ Մեծ Սֆինքսը… Քէոփսի բուրգը, Սֆինքսը, Կիզան եւ Ալ-Ազհարի համալսարանը:

Հ-Մեծերուն ի՞նչ կ’ուզես ըսել:

Պ- Որ լսեն փոքրերու ըսածները ու հաշուի առնեն անոնց կարծիքը: Թող իրենց բալիկներուն տարբեր գիտելիքներ սորվեցնեն:

Հ-Երբ մեծնաս, ի՞նչ պիտի դառնաս:

Պ-Դեռ կը մտածեմ, բայց կ’ըսեմ՝ ամբողջագէտ:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...