22
Mar

ԳԱԼԻՆ ԳԻԼԷՃԵԱՆ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ «ՄԱԿԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐ»Ի ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՄՐՑԱՆԱԿԸ (SECRETARY GENERAL AWARD) MODEL UNITED NATIONS (MUN) ԾՐԱԳՐԻՆ

Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի երկրորդական բաժինի Ժ. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ՝ Գալին Գիլէճեան, Ալինա Վասիլեան, Անժելինա Դարբինեան, Կարին Եղիայեան, Մարիէլ Մարթայեան, Կլօրիա Ժալըֆեան, Առլի Տէր Աբրահամեան, Սանան Քէշիշեան եւ Զուլալ Աւագեան, մասնակցեցան Լիբանան-Ամերիկեան Համալսարանի (LAU) նախաձեռնած Model United Nations (MUN) ծրագրին:
Այս ծրագրի գործնականացման հանդիպումներուն, աշակերտները խորացուցին իրենց գիտելիքները Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մասին, անոնք սորվեցան քաղաքացիական պատասխանատուութիւն ստանձնել, սորվեցան դիւանագիտական տարբեր հմտութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ տագնապներու խաղաղ լուծման ուղղուած բանակցութիւններ վարելու, երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը կատարելու եւ ՄԱԿ-ի բանաձեւեր գրելու սկզբունքները:
Կը շնորհաւորենք այս տարուան մասնակիցներէն Գալին Գիլէճեանը, որ ստացաւ «Մակի ընդհանուր քարտուղար»ի մրցանակը (Secretary General Award), որ կը տրուի միաժամանակ՝ Դիրքորոշման փաստաթուղթի եւ Դիւանագիտական կեցուածքի համար գերազանց արդիւնք ապահովող մասնակիցին:
Յիշենք, որ ծրագրին մասնակցող աշակերտներուն իրենց փորձառութեամբ եւ հետեւողական առցանց հանդիպումներով օգնեցին ԺԲ. դասարանէն Ցոլեր Գէորգեան, Կարէն Ճինպաշեան եւ Էտուար Թաշճեան:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...