06
Apr

Հատրութցի 14-ամեայ Ժասմինը Հայաստանի մէջ միակ երեխան է, որ 3 գիրքի հեղինակ է

Ժասմինը  ծնունդով, հոգիով, մտքով Արցախի Հատրութ քաղաքէն է:

Այնտեղ  մնացած են  անոր հայրական տունը,  մեծմօր-մեծհօր գերեզմանները, այնտեղ

մնացած է անոր մանկութեան այգին, խաղալիքներն ու յիշողութիւնները:

Ժասմին կ՛ըսէ, թէ «Երբ իմացայ, որ Հատրութն այլեւս թշնամիին է` այդ պահուն իմ մանկութիւնս

աւարտեցաւ»:

Ժասմին Հայրապետեան այսօր Հայաստանի միակ երեխան է, որ  14 տարեկանին արդէն 3 գիրքերու

հեղինակ է: Անոր «Սուպեր Նռանէ» վիպակը, որ  սկսած է գրել 11 տարեկանին,  դարձած է լաւագոյն

վաճառուող գիրքը: Հազարաւոր երեխաներ , ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Սփիւռքի մէջ ձեռք

բերած են ու կը շարունակեն ձեռք բերել այդ գիրքը:  Երեւան քաղաքի եւ շրջաններու տասնեակ

դպրոցներու  ու գրադարաններու մէջ «Սուպեր Նռանէ» գիրքի քննարկումներ եւ հեղինակի հետ

հանդիպումներ  կազմակերպուած են, գիրքի արեւմտահայերէն տարբերակի  շնորհանդէսը տեղի

ունեցած է ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ մէջ,  այս պահուն գիրքը կը թարգմանուի

նաեւ ռուսերէն լեզուով:

«Նռանէն ինծի համար հայ աղջկայ, հայ կնոջ հաւաքական կերպարն է` հայրենասէր, ինքնավստահ,

երազող, նպատակասլաց, սիրող, ներող ու քաջ: Ես այդպիսին կը տեսնեմ այն հայ աղջկան, որ

տղամարդու հետ թիկունք –թիկունքի տուած  կը փրկէ մեր երկիրը»,- կ՛ըսէ Ժասմին:

Քանի մը օր առաջ լոյս  տեսած է Հայ-հերոսուհիի մասին այս սիրուած պատմութեան արդէն երրորդ

մասը: Եւ բնականաբար, պատահականութիւն չէ, որ այս անգամ պատմութեան հիմքը  Արցախի ու

Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակն է:  Այս անգամ ալ «Մութ ու չար ուժերը»  մեծ ու հզօր յարձակում

գործած են «Բարիի եւ լոյսի» աշխարհի վրայ:  Անոնք իրենց ճանապարհին չեն խնայեր ոչ մէկը եւ ոչ

մէկ բան,կ՛աւերեն  քաղաքներն ու գիւղերը, կը սպաննեն  ու կը գերեվարեն մարդոց:

Նռանէն ու Գոդը կրկին պայքարի մէջ են, սակայն այս անգամ պայքարը շատ աւելի դաժան է, որովհետեւ

«Բարիի եւ լոյսի աշխարհը» ներսէն ճեղքուած է ․կը  պարզուի, որ  մարդիկ կորսնցուցած  են, մոռցած են

հինգ կարեւոր արժէքներու մասին, որուն պատճառով ալ թուլցած է բարութեան աշխարհի զօրութեան

դաշտն ու  ներքին դաւաճաններ  յայտնուած են:

Նռանէն ու Գոդը պէտք  է կարենան գտնել այդ կարեւոր  հինգ արժէքները եւ վերադարձնեն ատոնք մարդոց,

ու միայն ա՛յդ ժամանակ բարութեան աշխարհի զօրութեան դաշտը կը կարգաւորուի, եւ  բարին կրկին

կը յաղթէ չարին:

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...