10
Apr

15 տարեկան 3 ընկերներ նախաձեռնած են աշխատանոց մը հիմնել

Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Նոյեմբերեան համայնքի բնակիչ 15 տարեկան 3 մանկութեան ընկերներ նախաձեռնած են «Բրոթոլապ» ճարտարագիտական աշխատանոց մը հիմնել: Արհեստանոց հիմնելու գաղափարը յառաջացած է դեռ երկու տարի առաջ, սակայն պատերազմը ստիպած է աւելի աշխոյժ զբաղիլ այդ գործով, հիմնադիրներէն Արգամ Ամիրաղեան ըսած է, որ պատերազմէն ետք սկսած են աւելի աշխոյժ աշխատիլ, քանի որ պատերազմը ցոյց տուած է, որ ամէն վայրկեանը կարեւոր է ու պէտք չէ սպասել որեւէ բանի, իրենք պէտք է գործեն ու նոր բան մը ստեղծեն:

Նախաձեռնութեան հիմնական նպատակներէն մէկը սահմանամերձ Նոյեմբերեանի երիտասարդներուն ցոյց տալ, որ արուեստագիտութեան միջոցով գումար վաստակելը հնարաւոր է նաեւ իրենց գիւղին մէջ: Արգամի խօսքով` այս պահուն ինքն ու իր երկու ընկերներն ալ «Արմաթ» ճարտարագիտական աշխատանոցի սաներ են եւ հիմնական գիտելիքները ստացած են այնտեղէն, իրենց նպատակն է երիտասարդութեան ներուժը պահել գիւղին մէջ, որովհետեւ Նոյեմբերեանի մէջ բազմաթիւ խելացի երեխաներ կան, եւ անոնք կրնան առանց գիւղէն հեռանալու գումար վաստակել:

Սկզբնական շրջանին կը նախատեսեն «Ֆրիլանս» հարթակով աշխատիլ, իսկ կայունանալէն ետք, նպատակ ունին մշակել այնպիսի գաղափարներ, որոնք մարդոց կեանքն աւելի լաւ կը դարձնեն: Ներկայ պահուն երիտասարդները կը փորձեն իրենց գաղափարն իրագործել` անհրաժեշտ գումարի հաւաքագրմամբ, այս պահուն մօտ 3500$ գումար կրցած են հաւաքել:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...