13
Apr

13-ամեայ տուտուկահար Խանզատեանը միջազգային մրցոյթի յաղթող

13-ամեայ տուտուկահար Նարեկ Խանզատեան արժանացած է Սպանիոյ մէջ կազմակերպուած

Paints of the Spanish Sun միջազգային առցանց մրցոյթ-փառատօնի առաջին մրցանակին: Մրցոյթի

ընթացքին Նարեկը կատարած է հայկական ժողովրդական պար «Ղազախի»` ստանալով ժիւրիի

բարձր գնահատականը:

Ասիկա  Նարեկի առաջին մասնակցութիւնը չէ միջազգային մրցոյթի: Ան ունի նաեւ այլ մրցանակներ:

Այս օրերուն պատանի տուտուկահարը կը մասնակցի Երեւանի մէջ իրականացուող Dudukman

միջազգային մրցոյթ-փառատօնին:

Նարեկը պիտի մասնակցի նաեւ Իտալիոյ մէջ կազմակերպուած «Ապագայ աստղեր» միջազգային

մրցոյթ-փառատօնին` ներկայացնելով հայկական նուագարանը: Իտալական այս մրցոյթի  ծիրէն

ներս կազմակերպուած է առցանց քուէարկութիւն. մինչեւ ապրիլ 13 կարելի է քուէարկել Խանզատեանի

օգտին:

Նարեկ Խանզատեան կը յաճախէ Սպենդիարեանի անուան երաժշտական մասնագիտական դպրոցը` տուտուկահար Էմմանուէլ Յովհաննիսեանի դասարանը: Ան 8 տարեկանէն կը նուագէ տուտուկ ու

որոշած է ապագային  դառնալ արհեստավարժ տուտուկահար:

 

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...