20
Apr

Փոքրիկներու Անակնկալը՝ Միասնութեան Օրինակելի Դաս Մեծերու Համար

2020 թուականի Սեպտեմբերի վերջին օրերուն, Արցախի Հատրութ շրջանի Տող գիւղի բնակիչ՝ 6-րդ դասարանցի Գասպարը,

ընտանիքին հետ տեղափոխուեցաւ Հայաստան՝ բնակելով Աշտարակի Մուղնի գիւղի համեստ բնակարանի մը մէջ:

Գասպար Մուղնիի մէջ յաճախեց Մեսրոպ Աշճեանի անուան դպրոց։

Մուղնիի մէջ Գասպարի դասարանցիները Ս. Զատկուան տօնէն առաջ իմացան, որ Ապրիլ 4-ին նաեւ

Գասպարի ծննդեան տարբեդարձն է,  որոշեցին անակնկալ մատուցել իրենց նորեկ դասարանցիին եւ երջանկացնել զինք՝

մեղմացնելով ապրած դժուար օրերը:

Աշակերտները ձեռային աշխատանքներու դասի ընթացքին իրենց պատրաստած թեւնոցները, հոնի ճիւղերով պատրաստուած Զատկի

ծառերն ու ցորենի հասկի փունչերը տարին եկեղեցւոյ բակ՝ վաճառելու, որպէսզի  ստացած գումարով

անակնկալը պատրաստեն։

Բոլոր ձեռայինները վաճառուեցան, սակայն գումարը բաւարար չէր, իւրաքանչիւր աշակերտ ինքնակամ տուն

վազեց 300-ական դրամ բերաւ՝ ամբողջացնելով պակսող գումարը, ապա անմիջապէս գնումները կատարեցին

եւ Զատկի Տօնին զուգահեռ, եկեղեցւոյ բակին մէկ անկիւնը տօնական սեղան մը պատրաստեցին ու Գասպարը

հրաւիրեցին այնտեղ՝ անակնկալ ծնունդը նշելու։

Մանուկներու այս միասնութիւնը օրինակելի լաւ դաս է այն մեծերուն համար, որոնք կը փորձեն տարանջատել հայաստանցին ու արցախցին։

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...