Բարեկենդանը նախաքրիստոնէական հին աւանդական զուարճանքի տօն է, որ յետագային դարձած է եկեղեցական տօն։
Ան կը նշուի Սուրբ Սարգիսի տօնէն մինչեւ Մեծ պահքի ժամանակահատուածը, իսկ Բուն Բարեկենդանը Մեծ պահքին նախորդող Կիրակին է: Բարեկենդանը շարժական տօն է, այս տարի ան կը նշուի Փետրուար 11-ին:
Քանի որ Բարեկենդանը մեծ պահքի նախորդող օրն է, տօնական ուտեստները կը պատրաստեն առատ միսով, իւղով եւ կաթնեղէնով, կը պատրաստեն նաեւ գաթան ու հրուշակ:
Բարեկենդանին թոնիրը միշտ վառ պէտք է ըլլար եւ սեղաններուն ամէն ինչ պէտք է առատ ըլլար:
Հայերը Բարեկենդանը աւելի մեծ շուքով նշած են քան Նոր տարին, որովհետեւ Բարեկենդանի տօնը երկրագործական նոր տարին սկսելու նախապատրաստական ծիսական արարողակարգ էր:
Բարեկենդան բառը հաւանաբար յառաջացած է բարի կենդանութիւն բառերէն, այսինքն` խնդրանք եւ մաղթանք բարի, առողջ, կենսալից ըլլալու համար։ Ան միտուած է գարնանամուտի զարթօնք ապրող բնութեան գործընթացը աշխուժացնելուն: Ժողովրդական տօնախմբութեան հիմքին մէջ կայ միասնութեան յանուն ընդհանուրի բարօրութեան գաղափարը: Անոր համար այս տօնին կը մասնակցին բոլորը:
Տօնին բնորոշ բոլոր արտայայտումները ենթադրել կու տան, որ նախաքրիստոնէական շրջանին, հաւանաբար, ան եղած է հայկական Ամանորը:
Այս տօնին յատուկ են ուրախութիւնն ու խրախճանքը, կերուխումը, հիւրասիրութիւնները, այցելութիւնները, թատերական ներկայացումները, երգ ու պարը: Տօնին բնորոշ դիմակահանդէսի նպատակը կերպարանափոխուիլն է, ձգտումն է՝ ապրելու այն կերպարով որուն կը ձգտիս:
Կարծիք կայ, որ Վենետիկեան դիմակահանդէսը նոյն բարեկենդանն է, ուստի հայկական Բարեկենդանը նախատիպն է եւրոպական Կառնաւալի:
Բարեկենդանի ուրախ ու կատակային բնոյթը լաւագոյն ձեւով ներկայացուած է Յովհաննէս Թումանեանի
Բարեկենդանի մանկական յայտնի երգերէն է