22
Feb
Ախալքալաքցի Մարզիկը Գրաւած է Առաջին Տեղը՝ Պուլկարիոյ Մէջ Կայացած Յունահռոմէական Ոճի Ըմբշամարտին
Օրերս Պուլկարիոյ մայրաքաղաքին մէջ կայացած է յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Պուլկարիոյ երիտասարդական առաջնութիւնը:
72 քկ քաշային կարգի մէջ, փայլուն հանդէս եկած է 22-ամեայ ախալքալաքցի Հայկ Մնացականեանը, որ մէկ տարի առաջ տեղափոխուած էր Պուլկարիա: Մարզական մեկնաբան Կարէն Գիլոյեանը միջնորդած, որ ան այնտեղ մարզուի: Հայկը ունեցած է 4 գօտեմարտ, ո՛չ մէկ միաւոր տուած է մրցակցիներուն եւ գրաւած է առաջին տեղը: Առաջնութեան ներկայ եղած է նաեւ Ողիմպիական ախոյեան Արմէն Նազարեանը:
Akhaltskha.net
