Գիւմրիի «Մեղուիկներ»-ու Ձեռքի Աշխատանքը
Գիւմրիի «Մեղուիկ» մանկապատանեկան կեդրոնի 13-16 տարեկան սաներու ձեռքի աշխատանքն ու նկարչական վարպետութիւնը ապշեցուցիչ է, անոնք իրենց գունեղ անակնկալները՝ մաքրամէի եւ ուլունքներով ձեռքի աշխատանքներն ու կտավները Հայաստան Հիմնադրամին նուէր ուղարկած են։
Մանկապատանեկան կեդրոնը այս տարի պիտի նշէ հիմնադրման 30-ամեակը:
1988-ի երկրաշարժէն ետք Տիկին Վեհանուշը, որ ինքն ալ զրկուած էր իր տունէն, իր սեփական տնակի մէջ ընդունած, կրթած ու ընտանեկան ջերմութիւն տուած է ծնողազուրկ, նիւթապէս անապահով ու հաշմանդամութիւն ունեցող հարիւրաւոր երեխաներու:
Այսօր 300 «մեղուիկներ» կ’ուսանին ժամանակակից պահանջներուն ու միջազգային չափանիշներուն համապատասխան կրթարանէն ներս՝ ռոբոտաշինութենէն մինչեւ կերպարուեստի խմբակներ:
«Մեղվիկ» կեդրոնի շէնքի շինարարութեան մասնակցած է նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը`«Պօղոսեան» հիմնադրամի ֆինանսաւորմամբ: