31
Oct
Շանթ Սարգսեան՝ Մինչեւ 16 Տարեկաններու Ճատրակի Աշխարհի Ախոյեան
Հոկտեմբերին 30-ին, Յունաստանի մէջ տեղի ունեցան ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան մինչեւ 16 տարեկան վարպետներու վերջին՝ 11-րդ հանգրուանի մրցումները։
Հայաստանի Ճատրակի պատանիներու հաւաքականի անդամ Շանթ Սարգսեան իր մրցումը հաւասարութեամբ աւարտեց լեհ Փավել Թեքլաֆի դէմ, դառնալով մինչեւ 16 տարեկաններու աշխարհի ախոյեան։
Սարգսեան առանց պարտութեան աւարտեց մրցաշարքը եւ 11 մրցումներու ընթացթքին կրցաւ հաւաքել 9 կէտ, արձանագրելով 7 յաղթանակ եւ 4 հաւասարութիւն։
