27
Dec
Արթուր Դանիէլեան՝ ՌԴ Գեղասահքի Փոխախոյեան
Կրասնոյարսկի մէջ իրականացուող մրցոյթին յաղթած է Տմիդրի Ալիեւը:
Արթուր Դանիէլեանը ստացած է 253.42 միաւոր: Ազատ ծրագրին Արթուրը եղած է առաջինը: Գեղասահքի ՌԴ առաջնութեան մրցանակակիրներու աղիւսակը ունի հետեւեալ պատկերը.
1. Տմիդրի Ալիեւ – 260.98
2. Արթուր Դանիէլեան – 253.42
3. Ալեքսանդր Սամարին – 252.74
Նշենք, որ հայ մարզիկը 15 տարեկան է: Անոր ընտանիքը Հայաստանէն ՌԴ տեղափոխուած է 12 տարի առաջ, երբ Արթուրը 3 տարեկան էր: