19
May
Նամականի. Եգիպտոսէն ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ին
ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀի արեւմտահայերէնով պատրաստուած տեսանիւթերը կու գան համացանցը հարստացնելու՝ իրենց բովանդակալից նիւթերով,
որոնք օգտակար կ’ըլլան թէ՛ ուսուցիչին, անոր դասաւանդումին իբրեւ օժանդակ աղբիւր հանդիսանալով եւ թէ՛ աշակերտին,
որ այսօրուան լարուած պայմաններուն մէջ ժամանակը կ’անցընէ իր բջջայինին կամ համակարգիչին առջեւ։
Թող սփիւռքահայ պատանիները ապրին իրենց մայրենին լսելով եւ տեսնելով։
Սօսէ Կրպոյեան-Պայրամեան
Գալուստեան-Նուպարեան Ազգային Վարժարան
Գահիրէ-Եգիպտոս
