«Արթ Միւզիք» արուեստի միջազգային մրցոյթ-փառատօնին յաղթած են երեք սեւանցի երաժիշտներ
«Իմիճ Արթ» կեդրոնը կազմակերպած է «Արթ Միւզիք» արուեստի մրցոյթ-փառատօնը:
Սեւանցի երեք երաժիշտ մրցանակներ նուաճած են: Ինչպէս նախորդ տարի, այս տարի եւս,
համավարակի պատճառով, փառատօնը կազմակերպուած է հեռավար կարգով:
Սեւանի Վ. Սարգսեանի անուան երաժշտական դպրոցի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար
Յունան Առաքելեանի փոխանցմամբ` իրենց դպրոցի սաները այս տարի եւս գրանցած են յաղթանակներ,
աչքի ինկած են իրենց կատարումներով: Չնայած հեռավար ձեւաչափին` սեւանցի փոքրիկ երաժիշտները
հանդէս եկած են մեծ վարպետութեամբ` արժանանալով ժիւրիի հաւանութեան:
«Արթ Միւզիք» արուեստի 12-րդ մրցոյթ-փառատօնին մեր երեք յաղթող երաժիշտներն են.- Արտեոմ
Աւետիսեան՝ «Շեփոր» անուանակարգի 1-ին կարգի մրցանակի արժանացած է, Իզապելլա
Յարութիւնեան՝ «Ֆլեյտա» անուանակարագի 3-րդ կարգի մրցանակակիր, Արթուր Օհանեան՝
«Քլարնէթ» անուանակարգի 3-րդ կարգի մրցանակակիր դարձած է: